2016-04-20 09:42:00

Զօրակցական հաւաք`Իպրահիմ եւ Եազիժի Եպիսկոպոսներու առեւանգման երրորդ տարելիցին առիթով


«Լիբանան ապրիլ մէկի սուտ մը չէ եւ մեր պայքարը չափազանցուած չէ` մեր իրաւունքներուն հետապնդման գծով», յայտարարեց ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, երեքշաբթի 19 ապրիլ 2016-ին, առեւանգեալ Իպրահիմ եւ Եազիժի եպիսկոպոսներու անյայտացման երրորդ տարելիցին առիթով, Յոյն ուղղափառ հանդիպումին կազմակերպութեամբ Սին էլ Ֆիլի մէջ տեղի ունեցած զօրակցական հաւաքին` ներկայութեամբ զանազան կողմերու, կուսակցական, պաշտօնական եւ զինուորական ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր պետերու որոնց շարքին նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս  գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան:

Ձեռնարկին խօսք առին մէկէ աւելի անձնաւորութիւններ` շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան հրամայականը եւ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին առեւանգեալ առաջնորդներու ազատ արձակման միտող ճիգերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.